
Արմինֆո. Սեպտեմբերի 18 - ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայում կայացած գագաթնաժողովի շրջանակում Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսը հանդիպել է Հռոմի Պապ Լեւոն XIV-ի անձնական ներկայացուցիչ կարդինալ Ջորջ Յակոբ Կուվակատի հետ, ով նաև Վատիկանի միջկրոնական հարաբերությունների վարչության նախագահն է:
”Հանդիպման ընթացքին, բնականաբար, քննարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ շարունակուող սերտ գործակցութիւնը։ Շեշտուեցաւ նաեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու կողքին միջկրօնական յարաբերութեանց ծիրը ընդլայնելու կարելիութիւնը:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի ու Ազրպէյճանի միջեւ զարգացող յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս Արցախի մեր ժողովուրդին եւ անոր պատկանող եկեղեցիներուն ու պատմական-մշակութային կառոյցներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի մօտեցումներուն ու քայլերուն, որոնք երբե՛ք չեն համապատասխաներ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմու իրականութեան: Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ յիշեցուց ամիսներ առաջ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կայացած համագումարը, որու ընթացքին, դժբախտաբար, Արցախի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ներկայացուած էր պատմական իրականութիւններէ հեռու տուեալներով:
Յիշեալ հարցերուն եւ մանաւանդ Վատիկան-Ազրպէյճան յարաբերութեանց գծով Կարդինալ Քուվաքատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, միաժամանակ որոշ հարցերու ուղղութեամբ տալով յստակ լուսաբանութիւններ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը երկու առաջարկ ներկայացուց Վատիկանի ներկայացուցիչին.-
ա) մեծապէս գոհ պիտի մնանք, եթէ Վատիկան շարունակէ միշտ յիշեցնել Ազրպէյճանին ու միջազգային համայնիքին՝ հայ եկեղեցիներու ու պատմական մշակութային կոթողներու անվթար պահպանման կենսական կարեւորութիւնը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն։
բ) Կարելի բոլոր միջոցներով հետապնդել Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կալանաւորուած Արցախի քաղաքական ու ազգային ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակելու հրամայականը։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը շուտով պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ ընթացքին, բնականաբար, առիթ կ՚ունենայ Պապին հետ արծարծելու յիշեալ հարցերը”, - ասվում է vaticannews.va-ի հաղորդագրությունում։